15/10/2026
Celebrating Our Bradfield Local Legends
On Saturday, 10 October 2026, an appreciation high tea was held at Artarmon Bowling Club, hosted by Bradfield MP Nicolette Boele, to honour and thank the incredible volunteers who dedicate their time and energy to making our communities a better place.
We are delighted to share that members of the Armenian Relief Society’s Sosseh Chapter’s ‘Social Gathering Committee’, Ungerouhis Sirvart Shirinian, Eugenie Meguerditchian, Lucy Sevagian, Maral Philipossian, Aida Sarian, Sonia Ashikian and Rita Keosseian were recognised for their outstanding service over the past eleven years.
Their unwavering dedication, generosity, and heartfelt commitment to our community, demonstrated month after month, are truly deserving of this special recognition.
This was the first time an appreciation award of this kind had been presented in Bradfield, making the occasion all the more meaningful.
We are immensely grateful for the ongoing efforts of our Social Gathering Committee and incredibly proud of our ungerouhis, both individually and collectively, for the love, time, and care they continue to give to our community.
A truly well-deserved recognition!
A heartfelt thank you to our wonderful ungerouhis for all that you do, and to Nicolette Boele MP for Bradfield for this thoughtful initiative in celebrating and acknowledging the invaluable contributions of our local volunteers.
Vartsgernit gadar and congratulations! 💙
ՊՐԱՏՖԻԼՏԻ ՄԵՐ ՏԵՂԱԿԱՆ ՀԵՐՈՍՆԵՐՈՒՆ՝ ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ԵՒ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԻ ԱՌԻԹՈՎ 💙
Շաբաթ, 10 Հոկտեմբեր 2026-ին, Artarmon Bowling Club-ի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գնահատանքի յատուկ թեյասեղան մը, որուն հիւրընկալն էր Պրատֆիլտի երեսփոխան Նիքոլէթ Պուէլը (Nicolette Boele)։ Այս ձեռնարկը կազմակերպուած էր պատուելու եւ շնորհակալութիւն յայտնելու այն նուիրեալ կամաւորներուն, որոնք իրենց ժամանակն ու եռանդը կը տրամադրեն մեր համայնքները աւելի լաւ ու զօրաւոր դարձնելու համար։
Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ Հայ Օգնութեան Միութեան Սօսէ մասնաճիւղի «Ընկերային Հաւաքոյթներու Յանձնախումբ»ի անդամներ՝ Ընկերուհիներ Սիրվարդ Շիրինեան, Էօժէնի Մկրտիչեան, Լիւսի Սեւակեան, Մարալ Փիլիպոսեան, Այտա Սարեան, Սոնիա Աշըքեան եւ Ռիթա Քէօսէեան, արժանացան գնահատանքի՝ վերջին տասնմէկ տարիներուն իրենց մատուցած բացառիկ ծառայութեան համար։
Անոնց անսակարկ նուիրումը, առատաձեռնութիւնն ու մեր համայնքին հանդէպ սրտաբուխ ծառայութիւնը, որ ամիսէ ամիս շարունակաբար կը ցուցաբերեն, լիովին արժանի են այս յատուկ գնահատանքին։
Այսպիսի գնահատանքի մրցանակի մը շնորհումը Պրատֆիլտի մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը կատարուէր, ինչ որ այս առիթը առաւել եւս նշանակալից կը դարձնէ։
Անսահման երախտապարտ ենք մեր Ընկերային Հաւաքոյթներու Յանձնախումբին՝ իրենց շարունակական ջանքերուն համար, եւ անչափ հպարտ ենք մեր բոլոր ընկերուհիներով՝ թէ՛ անհատապէս եւ թէ՛ հաւաքաբար, մեր համայնքին հանդէպ իրենց սիրոյն, ժամանակին եւ հոգատարութեան համար։
Իրապէս արժանի եւ արդարացի գնահատանք մը։
Սրտանց շնորհակալութիւն մեր սիրելի ընկերուհիներուն՝ իրենց կատարած բոլոր ծառայութիւններուն համար, եւ շնորհակալութիւն Պրատֆիլտի երեսփոխան Նիքոլէթ Պուէլին՝ այս գեղեցիկ նախաձեռնութեան համար, որ կը գնահատէ եւ կը մեծարէ մեր տեղական կամաւորներուն անգնահատելի ներդրումը։
Վարձքներդ կատար, սիրելի՛ ընկերուհիներ, եւ սրտանց շնորհաւորանքներ։ 💙