ՀՅԴ «Դրօ» Կոմիտէ - Արագած, Լիբանան

ՀՅԴ «Դրօ» Կոմիտէ - Արագած, Լիբանան

Share

Contact information, map and directions, contact form, opening hours, services, ratings, photos, videos and announcements from ՀՅԴ «Դրօ» Կոմիտէ - Արագած, Լիբանան, Political organisation, Arakadz, Beirut.

04/05/2026

«Դրօ» կոմիտէն Արագած ակումբին մէջ հիւրընկալեց Հ.Մ.Ը.Մ. Պուրճ Համուտ մասնաճիւղի վարչութիւնը եւ նոյն մասնաճիւղի սկաուտ խորհուրդը։ Անոնք արծարծեցին շարունակական համագործակցութեան եւ նուիրումի կարեւորութիւնը։

Հանդիպման աւարտին վարչութիւնը յուշանուէր մը յանձնեց «Դրօ» կոմիտէին։

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ - Homenetmen Bourj Hamoud

Photos from ՀՅԴ «Դրօ» Կոմիտէ - Արագած, Լիբանան's post 23/04/2026

Այսօր ժամը 6:30-ին հաւաքուինք Արագած ակումբ՝ փոխադրակառքերով հասնելու համար Անթիլիասի մայրավանք եւ մասնակցելու հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ ոգեկոչումին։

20/04/2026

23 ապրիլ 2026 | երեկոյեան ժամը 8:00 | Անթիլիասի մայրավանք

#عدالة #արդարութիւն

03/04/2026

Եղիկ Գայայեանի նահատակութեան 20-ամեակի յիշատակին նուիրուած տեսերիզ

Եղիկը նահատակուեցաւ 3 Ապրիլ 1989-ին, 37 տարի առաջ

03/04/2026

Եղիկ Գայայեան ծնած է Պուրճ Համուտի Արագած շրջանի մէջ, 1964 թուականին: Յաճախած է թաղի Ազգային Արամեան վարժարանի նախակրթարանը: 11 տարեկան էր, երբ պատերազմի պատճառով ուսումը ձգեց: Փոքր տարիքէն կորսնցուց իր ծնողները եւ պէտք էր հոգ տանէր իր քոյրերուն, օգներ մեծ եղբօրը:

Պատանի տարիքէն կ'անդամակցի ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան «Արաբօ» մասնաճիւղին եւ քանի մը տարի յետոյ կանցնի ՀՅԴ շարքերը: 1984-1985 թուականներուն կը ստանձնէ Նոր Սիս շրջանի «Քրիստափոր» Պատանեկան Միութեան վարիչի պարտականութիւնը: Թէեւ ուսումը չէր կրցած շարունակել, բայց կը զբաղէր ինքնակրթութեամբ՝ իր գիտցածն ալ պատանիներուն փոխանցելով, որոնց կը հմայէր իր գեղեցիկ խօսքով, խրոխտ ու քաջ կեցուածքով:

1986-1987 թուականներուն կ'անցնի Արեւմտեան Պէյրութ՝ մասնակցելով տեղի հայութեան ապահովութեան աշխատանքներուն: 1987-ին կը վերադառնայ Արագած ու մինչ իր նահատակութիւնը կը ստանձնէ պատասխանատու պաշտօններ:

03/04/2026

Եղիկ Գայայեան

Ծնած է Պուրճ Համուտի Արագած շրջանի մէջ, 1964 թուականին:

Յաճախած է թաղի Ազգային Արամեան վարժարանի նախակրթարանը:

11 տարեկան էր, երբ պատերազմի պատճառով ուսումը ձգեց: Փոքր տարիքէն կորսնցուց իր ծնողները եւ պէտք էր հոգ տանէր իր քոյրերուն, օգներ մեծ եղբօրը:

Պատանի տարիքէն կ'անդամակցի ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան «Արաբօ» մասնաճիւղին եւ քանի մը տարի յետոյ կանցնի ՀՅԴ շարքերը:

1984-1985 թուականներուն կը ստանձնէ Նոր Սիս շրջանի «Քրիստափոր» Պատանեկան Միութեան վարիչի պարտականութիւնը:

Թէեւ ուսումը չէր կրցած շարունակել, բայց կը զբաղէր ինքնակրթութեամբ՝ իր գիտցածն ալ պատանիներուն փոխանցելով, որոնց կը հմայէր իր գեղեցիկ խօսքով, խրոխտ ու քաջ կեցուածքով:

1986-1987 թուականներուն կ'անցնի Արեւմտեան Պէյրութ՝ մասնակցելով տեղի հայութեան ապահովութեան աշխատանքներուն: 1987-ին կը վերադառնայ Արագած ու մինչ իր նահատակութիւնը կը ստանձնէ պատասխանատու պաշտօններ:

նկարին մէջ՝ Եղիկ Գայայեան (ետեւի շարք, աջէն 2-րդը) իր պատանիներու հետ

03/04/2026

«Եղիկ Գայայեան շտապ օգնութեան կանչեր լսելով ակումբէն դուրս կու գայ եւ կ՛ուղղուի հայ ընտանիքի մը վիրաւոր անդամներու օգնութեան: Տակաւին չհասած, Եղիկ իր սրտէն կը ստանայ յաջորդ պայթած հրթիռին մէկ բեկորը: Ան կը վերադառնայ ակումբ, կը յանձնէ իր փամփշտարգելն ու ատրճանակը եւ կ՛իյնայ գետին` առյաւէտ փակելով իր այնքան յոգնած աչքերը»:

մէջբերուած Համբիկ Պիլալեանի յօդուածէն, «Ծննդեան 60 Եւ Նահատակութեան 35-Ամեակ. Արագածի Ծնունդ Եղիկ Գայայեանի Յիշատակին (Գաղափարանուէր Տղոց Կարօտով)», լոյս տեսած Ազդակի մէջ, 2024 թուականին։

03/04/2026

«Ապրիլի 3-ին, երեկոյեան, Արագած թաղամասը կ՛ենթարկուէր ահաւոր ռմբակոծումի, իր տեսակին մէջ աննախադէպ, երբ ամենածանր հրետանին գործի լծուած ահ ու սարսափ կը սփռէր շուրջ բոլոր: Ու այդ պայմաններուն մէջ, հերոս տղաներ եւ պատասխանատուներ, ամրացած ՀՅԴ «Դրօ» ակումբի մէջ, թեւ եւ թիկունկ էին շրջանի հայութեան, հասնելով բոլորի կարիքներուն եւ փրկութեան կանչերուն»

«Եւ ահա, յետ սարսափազդու ռումբի մը պայթումին, հայ ընտանիքի մը փրկութեան կանչը կը հասնի ակումբի տղոց ականջին: Եղիկն էր, որ առանց դոյզն երկմտանքի կը հագուէր փամփշտակալը եւ կը նետուէր մահուան գիրկը` հասնելու պայթումի վայր ու փրկելու հայ ընտանիքը»:

«Եղիկ Գայայեան ապրեցաւ 25 գարուններ միայն: Ան, իբրեւ հայրենապաշտ եւ ազգը սիրող երիտասարդ, գերազանցեց ինքզինք` ցոյց տալով զոհողութեան եւ նուիրումի վսեմ ճանապարհ: Եղիկ, շնորհիւ իր անյագ ընթերցասիրութեան, կրցաւ ամբարել գնահատելի գիտութիւն, եղաւ գաղափարապաշտ երիտասարդ, ըմբոստ եւ արդարադատ»։

Մէջբերուած Համբիկ Պիլալեանի յօդուածէն, «Ասպետական Տղոց Վերադարձին Կարօտով Կ՛ապրինքղ (Եղիկ Գայայեան – 30-ամեակ)», լոյս տեսած Ազդակի մէջ, 2019 թուակնին:

Want your business to be the top-listed Government Service in Beirut?

Click here to claim your Sponsored Listing.

Location

Telephone

Address


Arakadz
Beirut
1203