01/06/2026
Կիրակի, 31 մայիս 2026-ին Ֆըրն Շըպպեքի եւ Պուրճ Համուտի գերեզմանատուներուն մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան կարգ եւ ծաղկեպսակի զետեղում՝ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտիչներու յիշատակին։
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի խօսքը փոխանցեց՝ Եղիա Թաշճեան։
28/05/2026
«Տօնել մայիս 28-ը կը նշանակէ՝ ամէն ինչ ստորադասել ազգին եւ հայրենիքին համար։ Ամէն ինչ ի սպաս դնել՝ մեր տաղանդը, ամէն մարզի մէջ, եւ մեր ունեցուածքը, սկսելով մեր կեանքէն, յանուն ազգային մեր իտէալներու իրականացման։ Այն ատեն է, որ մայիս 28-ի տօնակատարութիւնը կը դադրի սոսկական հանդէս ըլլալէ եւ կը դառնայ մայիս 28-ի ճակատամարտի մասնակցութիւն։ Մենք որոշած ենք մասնակցի՞լ, թէ՞ մեռնիլ։ Ահա հարցը։ Եւ այս պատասխանը հայ ժողովուրդը եւ հայ երիտասարդութիւնը պիտի տայ»:
Սարգիս Զէյթլեան
27/05/2026
بمناسبة عيد الأضحى المبارك، نتقدّم بأصدق التهاني وأطيب التمنيات، سائلين الله أن يعيده عليكم وعلى الوطن بالخير والأمن والازدهار.
20/05/2026
Լիբանանի մէջ Մայիսեան եւ այլ գաղութային ձեռնարկները հետեւեալ հասցէով՝
https://arflebanon.org/events
19/05/2026
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս լիբանանեան մամուլը արձագանգեց Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակին եւ այս առիթով կազմակերպուած (24 ապրիլ 2026) ոգեկոչման ձեռնարկներուն` անդրադառնալով մասամբ յօդուածներով, թղթակցութիւններով կամ անհատական տեսակէտներով ընկերային ցանցերու զանազան հարթակներուն վրայ:
Արձագանգներու ամփոփ զեկուցումը՝
https://arflebanon.org/news/3237
18/05/2026
Արցախի անկախութեան հռչակումէն ետք պատերազմը նոր թափ ստացաւ։ Ազրպէյճանական զօրքերը անցան բռնաճնշումի նոր ալիքի մը։ Զուգահեռ, ցամաքային կապէ զուրկ, Արցախի նորանկախ պետութիւնը ամբողջովին անջատուած էր մայր Հայաստանէն, այդ պատճառով ալ մարդուժի, զինամթերքի եւ դեղորայքի փոխադրութիւնը չափազանց դժուար էր։ Այս զարգացումի լոյսին տակ, պատմական Շուշիի կողքին առաջնահերթութիւն էր նաեւ Բերձորի ազատագրումը։ Այսպիսով, «Հարսանիք լեռներում» գործողութեան իրականացումէն ետք, 18 մայիս 1992-ին հայկական զօրքերը կարողացան ազատագրել Բերձորը, եւ Արցախի Հանրապետութիւնը ցամաքային կապով միացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան:
Շուշիի եւ Բերձորի ազատագրումով սկսաւ հայկական կողմի շարունակական յաղթանակներու շղթան։