Social Democrat Hunchak Party

Social Democrat Hunchak Party

Share

Contact information, map and directions, contact form, opening hours, services, ratings, photos, videos and announcements from Social Democrat Hunchak Party, Political organisation, Los Angeles, CA.

04/29/2026

Massis Weekly is proud to be hosting an important public forum with Ms. Lilit Dallakyan Esq.

Ms. Dallakyan is a well known and respected analyst and commentator of Armenian local and foreign policy and has been featured on numerous talk shows and news programs.

Thursday April 30th at 7:00 PM at the Glendale
Armenian Society of Los Angeles
117 S. Louise Street Glendale, CA 91205

Photos from Social Democrat Hunchak Party's post 04/25/2026

On Friday, April 24, 2026, our community gathered to honor the 1.5 million innocent victims of the Armenian Genocide, which transpired 111 years ago. We are dedicated to preserving their memory by upholding the truth and educating future generations. Our commitment to combating denial and injustice remains steadfast.

04/23/2026

111th Anniversary Commemoration of the Armenia Genocide

04/23/2026

Միացեալ Յայտարարութիւն
Հայոց Ցեղասպանութեան 111րդ տարելիցին առթիւ, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը (ՍԴՀԿ), Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը (ՀՅԴ) եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը (ՌԱԿ) կը վերահաստատեն իրենց յանձնառութիւնը յիշատակութեան եւ արդարութեան հետապնդման նկատմամբ:

Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը մնայ յանցագործութիւն մը, որ տակաւին չէ ընդունուած զայն գործադրած Թուրքիոյ կողմէ, որուն հետեւանքները այսօր կը շարունակուին Արցախի մէջ՝ Թուրքիոյ եւ անոր գործընկեր Ատրպէյճանի վարած ցեղասպան քաղաքականութեամբ:

Այս իրականութեան մէջ, Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը մնայ համահայկական այն հարցը, որ կը միաւորէ մեզի: Մենք կը շարունակենք մեր համակարգուած ջանքերը արդար լուծումի հասնելու՝ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու հատուցումով:

Կը վերահաստատենք մեր յանձնառութիւնը միասնականութեան՝ մեր ընդհանուր նպատակին ծառայելու համար, եւ այդ ոգիով այս տարի եւս կը համախմբուինք ոգեկոչելու Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցը՝ ո՛չ միայն յիշելու ողբերգական դէպքերը, այլ նաեւ գործի դնելու մեր ժողովուրդի տոկունութիւնն ու աննկուն կամքը:

Մենք կը խրախուսենք նպատակասլաց եւ համակարգուած գործունէութիւն՝ Հայ Դատի յառաջխաղացման համար:

Վստահ ենք որ միացեալ ջանքերով պիտի վերաշխուժացնենք մեր համայնքը, պիտի ներգրաւենք եւ զօրացնենք մեր երիտասարդութիւնը՝ որպէս ապագայի դրօշակիրներ, ի խնդիր մեր ազգի հաւաքական իտէալներուն:

Կը պահանջենք Միացեալ Նահանգներու նախագահէն, նկատի առնելով Քոնկրեսի զոյգ պալատներուն կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը, որ իր տարեկան պատգամին մէջ օգտագործէ «ցեղասպանութիւն» բառը:

Կրկին կոչ կ՛ուղղենք մեր համայնքին՝ համախմբուելու մեր ազգի կառոյցներուն շուրջ, մեր իրաւունքներու, արժէքներու եւ պահանջներու պաշտպանութեան համար, սկսեալ Ապրիլ 24էն: Մեր Նահատակները կը պահանջեն զայն:

ՍԴՀԿ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ
ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
ՌԱԿ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Joint Statement of Three National Parties

On the occasion of the 111th anniversary of the Armenian Genocide, the Social Democratic Hunchakian Party, the Armenian Revolutionary Federation and the Armenian Democrat Liberal party reaffirm their commitment to remembrance and the pursuit of justice.

The Armenian Genocide remains a crime that has not yet been acknowledged by its perpetrator Turkey, the consequences of which continue today through the genocidal policy pursued by Turkey and its partner Azerbaijan against Artsakh.

To this end, the Armenian Genocide remains the issue that unites us as Armenians. We continue our coordinated efforts to achieve a just solution for the rights of the Armenian people through reparations.

We reaffirm our commitment to unity in service of our common goal, and in that spirit, we have come together this year to commemorate the anniversary of the Armenian Genocide, not only to remember the tragic events, but also to elevate the resilience and unwavering will of our people.

We encourage purposeful and coordinated action to advance the Armenian Cause.

We are confident that through united efforts, we will revitalize our community, engage and empower our youth as future standard bearers for the collective aspirations of our nation.

We demand that the President of the United States, in light of the recognition of the Armenian Genocide by both Houses of Congress, use the word “genocide” in his annual message.

We once again call on our community to unite around the structures of our nation, to protect our rights, values, and demands, starting April 24. Our Martyrs demand it.

Social Democratic Hunchakian Party Western U.S. Executive Committee
Armenian Revolutionary Federation Western U.S. Central Committee
Armenian Democrat Liberal party U.S. Western Regional Executive Committee

Photos from Social Democrat Hunchak Party's post 02/22/2026

Արայիկ Յարութիւնեան եւ Լիլիթ Մակունց Այցելեցին ՍԴՀԿ Կեդրոնը

Շաբաթ առաւօտ, Փետրուար 21-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեանն ու Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի նախկին դեսպան եւ ներկայիս վարչապետի գլխաւոր խորհրդական Լիլիթ Մակունց այցելեցին Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Փասատինայի կեդրոնը։ Պատուիրակութիւնը Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ էր՝ տարբեր համայնքային կազմակերպութիւններու հետ հանդիպումներ ունենալու նպատակով։

ՍԴՀԿ կեդրոնին մէջ բարձրաստիճան պետական պաշտօնեաները ջերմօրէն դիմաւորուեցան ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան, ՍԴՀԿ Արեւմտեան ԱՄՆ Վարիչ Մարմինի եւ Հայ Ամերիկեան Խորհուրդի ներկայացուցիչներուն կողմէ։

ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Տոկտ. Համբիկ Սարաֆեան ողջունեց հիւրերը եւ շեշտեց կուսակցութեան ու Հայաստանի կառավարութեան համագործակցութեան շարունակական կարեւորութիւնը՝ Հայրենիքի ամրապնդման եւ անոր երկարաժամկէտ բարգաւաճման ապահովման մէջ։

Իր ելոյթին մէջ պարոն Յարութիւնեան բարձր գնահատեց ՍԴՀԿ-ի նուիրուածութիւնը թէ՛ Սփիւռքին եւ թէ՛ Հայաստանին՝ ընդգծելով անոր հաւատարմութիւնը արդարութեան, ժողովրդավարութեան եւ ազգային միասնութեան արժէքներուն։ Ան նաեւ անդրադարձաւ կուսակցութեան կարեւոր դերակատարութեան՝ Հայաստանի միջազգային շահերու առաջմղման եւ Հայրենիք–Սփիւռք կապերու ամրապնդման մէջ։

ՍԴՀԿ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու ատենապետ Միհրան Խաչատուրեան ընդգծեց Սփիւռք–Հայաստան համագործակցութեան եւ հաղորդակցութեան բարելաւման կարեւորութիւնը՝ շեշտելով համակարգուած ներգրաւման, թափանցիկութեան եւ շարունակական գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի Սփիւռքի միջոցներն ու ներուժը աւելի արդիւնաւէտ կերպով համադրուին Հայաստանի ազգային առաջնահերթութիւններուն հետ։

Հանդիպումը ներառեց արդիւնաւէտ քննարկում Հայաստանի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան մարտահրաւէրներուն շուրջ, ներառեալ յառաջիկայ ընտրութիւնները ու անոր հետ կապուած մտահոգութիւնները՝ երկրի ապակայունացման ուղղուած որոշ արտաքին եւ ներքին խմբաւորումներու ջանքերուն վերաբերեալ։

Մասնակիցները ընդգծեցին միասնութեան, զգօնութեան եւ համակարգուած ազգային դիմակայութեան կարեւորութիւնը՝ այս սպառնալիքներուն հակազդելու համար։

Անոնք նաեւ առաջարկեցին ռազմավարութիւններ՝ Հայրենիք–Սփիւռք կապի հետագայ ամրապնդման համար՝ Հայաստանի բարդ մարտահրաւէրներուն դիմակայելու գործընթացին մէջ։

Photos from Social Democrat Hunchak Party's post 02/22/2026

Arayik Harutyunyan and Lilit Makunts Visit the SDHP Center

On Saturday morning, February 21, Arayik Harutyunyan, Chief of Staff to the Prime Minister of the Republic of Armenia, and Lilit Makunts, former Ambassador to the United States and Chief Advisor to the Prime Minister, visited the Western United States headquarters of the Social Democrat Hunchakian Party (SDHP).

At the SDHP Center, the high-level government officials were warmly received by representatives of the SDHP Central Committee, the Western U.S. SDHP Executive Body, and the Armenian Council of America.

Dr. Hampig Sarafian, Chairman of the SDHP Central Committee, welcomed the guests and emphasized the continued importance of the Party’s partnership with Armenia’s government in strengthening the Homeland and ensuring its long-term prosperity.

In his remarks, Mr. Harutyunyan praised the SDHP’s commitment to both the Diaspora and Armenia, highlighting its dedication to justice, democracy, and national unity. He also acknowledged the Party’s key role in advancing Armenia’s global interests and strengthening ties between the Homeland and the Diaspora.

SDHP Western United States Chairman Mr. Mehran Khatchadorian conveyed the importance of cooperation and improved communication between the Diaspora and Armenia, stressing the need for structured engagement, transparency, and sustained collaboration to better align Diasporan resources with Armenia’s national priorities.

The meeting featured a productive discussion on Armenia’s domestic and foreign policy challenges, including concerns about efforts to destabilize the country by certain foreign and internal groups. Attendees highlighted the importance of unity, vigilance, and coordinated national resilience to counter these threats. They also proposed strategies to strengthen the bond between the Homeland and the Diaspora in addressing Armenia’s complex challenges.

The meeting concluded with a mutual commitment to continue dialogue and cooperation, reaffirming the shared goal of advancing Armenia’s democratic values, statehood, and sovereignty.

Սփիւռքը Ոեւէ Մէկուն Սեփականութիւնը Չէ 02/22/2026

Սփիւռքը Ոեւէ Մէկուն Սեփականութիւնը Չէ

Հայ եկեղեցւոյ ներկայիս դիմագրաւած խոր տագնապը կը շարունակէ խռովեցնել Հայութեան միտքն ու հոգին միշտ յուսալով, որ Մայր Աթոռի գահին նստած Կաթողիկոսը իր մէջ կը գտնէ քաջութիւն` ընդառաջելու Եկեղեցւոյ բարենորոգման կոչերուն« որպէսզի ազգովին դուրս գանք այս տխուր ու անբաղձալի վիճակէն:

Վերջերս բարձրացան ձայներ, որոնք ներկայ տագնապին ամբողջ պատասխանատուութիւնը կ’ուզեն դնել Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն վրայ` անտեսելով տագնապին բուն պատճառները, որոնք երբեք պարապութեան մէջ ծնունդ չառին: Այդ տեսակէտը պաշտպանող խումբ մը հանրածանօթ սփիւռքահայեր, որոնց շարքին Նուպար Աֆէեան, Վաչէ Մանուկեան, Պերճ Սեդրակեան եւ մի քան ուրիշներ, հանդէս եկած են բաց-նամակով, յայտարարելու համար, որ «անհատի, կառավարութեան կամ որեւէ արտաքին մարմինի կողմէ ցանկացած յարձակում եւ միջամտութիւն, եկեղեցւոյ կառավարման կամ գործունէութեան նկատմամբ ուղղակի ազդեցութիւն ունի աշխարհասփիւռ հայերու վրայ՚: Անոնք կը յաւակնին խօսելու ամբողջ սփիւռքի անունով, չունենալով ոչ մէկ լիազօրութիւն այդ ուղղութեամբ: Ոչ միայն անոնք, այլ ոչ մէկ անհատ, կառոյց կամ քաղաքական կազմակերպութիւն իրաւունք չունի խօսելու ամբողջ սփիւռքի անունով: Սփիւռքը միշտ եղած է ու կը շարունակէ մնալ բազմաշերտ ու բազմակարծիք հաւաքականութիւն մը, որուն կը միաւորէ ազգային պատկանելութիւնն ու Հայրենիքի գոյութիւնը:

Նամակը ստորագրողները մէկ քայլ առաջ երթալով կը պահանջեն սփիւռքահայութենէն, դիմելու իրենց ապրած երկիրներու կառավարութիւններուն` միջոցներ ձեռք առնելու իրենց «կրօնական իրաւունքները պաշտպանելու» համար: Նման անհեթեթութիւն անսպասելի էր կեանք մէջ բաւական մեծ յաջողութիւններու հասած Հայ անհատներուն կողմէ, որոնք աւելի լաւ պէտք էր հասկնային իրենց արտայայտած իւրաքանչիւր արտայայտութեան իմաստը, որ այս պարագային կը հասնի անպատասխանատուութեան գագաթնակէտին:

«Կառավարութիւնը կը պահանջէ Եկեղեցւոյ առաջնորդին հեռացումը, հակառակ անոր օրինաւոր ընտրութեան» կը գրեն բաց-նամակի հեղինակները, անտեսելով այն իրողութիւնը, որ այս տագնապը ծայր առաւ, երբ ի’նքը` եկեղեցւոյ առաջնորդը սկսաւ պահանջել կառավարութեան առաջնորդի հրաժարականը, հակառակ անոր, որ ան օրինաւոր կերպով ընտրուած էր ժողովուրդի մեծամասնութեան ձայներով:

Այս նոյն ազգայինները լուռ էին, երբ եպիսկոպոսներ բոցաշունչ ելոյթներ կ’ունենային ընդդիմադրութեան հանրահաւաքներու ընթացքին, երբ եկեղեցւոյ սպասաւորներուն կը պարտադրուէր ընտանիքի անդամներով մասնակցելու ցոյցերու, երբ արքեպիսկոպոս ու թեմակալ առաջնորդ մը կը դառնար իշխանափոխութեան ջահակիրը ու կ’առաջնորդէր «սրբազան պայքար» պետութեան դէմ, իսկ մէկ ուրիշ արքեպիսկոպոս ռազմական յեղաշրջման կոչերով հանդէս կու գար: Այդ ժամանակ շատեր, որոնց շարքին առաջինը` Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը զգուշացուցին, որ Մայր Աթոռի գահակալի միջամտութիւնը երկրի քաղաքական կեանքին ու կողմնակալ պահուածքը յղի էր անկանխատեսելի հետեւանքներով: Եթէ այսօր բարձրաստիճան եկեղեցականներ կը գտնուին բանտերու մէջ, ատոր ամբողջ պատասխանատուութիւնը կ’իյնայ Եկեղեցւոյ գահակալի ուսերուն:

Նամակի հեղինակները կ’անտեսեն մէկ կարեւոր իրողութիւն մը եւս: Ներկայիս Եկեղեցին տագնապի մէջ է ոչ միայն վարչապետ-կաթողիկոս հակամարտութեան պատճառաւ, այլ եւ խումբ մը բարձրաստիճան հոգեւորականներու կողմէ Եկեղեցւոյ բարենորոգման ու բարեկարգման նպատակով ներկայացուած պահանջները Մայր Աթոռի գահակալին կողմէ անտեսումի արժանանալուն ու առնուած կամայական որոշումներուն պատճառաւ:

Նամակի հեղինակները կ’ուզեն տարածել այն միտքը, որ «Եկեղեցւոյ դէմ արշաւին» պատճառաւ յառաջացած է խզում հաւաքական սփիւռքի եւ Հայաստանի պետութեան միջեւ: Այս կարծիքը շատ հեռու է իրականութենէն, իսկ յարգելի ազգայինները պէտք չէ ունենան ամբողջ սփիւռքահայութիւնը ներկայացնելու յաւակնութիւնը ու յաջորդ անգամ փորձեն ցուցաբերել աւելի հաւասարակշռուած մօտեցում` հեռու մնալով ամէն գնով Կաթողիկոսը պաշտպանելու գայթակղութենէն:

ԳՐԻԳՈՐ ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Սփիւռքը Ոեւէ Մէկուն Սեփականութիւնը Չէ Հայ եկեղեցւոյ ներկայիս դիմագրաւած խոր տագնապը կը շարունակէ խռովեցնել Հայութեան միտքն ու հոգին միշտ յուսալով

01/01/2026

Շնորհաւոր Նոր Տարի 2026
Happy New Year 2026

#հնչակ #ՍԴՀԿ #հայաստան #Հնչակեան

12/24/2025

Merry Christmas and Happy New Year to all. #հնչակ #սդհկ #հայաստան

Photos from Social Democrat Hunchak Party's post 12/09/2025

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը կը շարունակէ խոր մտահոգութեամբ հետեւիլ Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածնէն ներս եւ անոր շուրջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն, որոնք վստահաբար կը յուզեն իւրաքանչիւր հայու հոգին, անկախ դաւանանքային պատկանելիութենէն:
Աներկբայ է, որ ներկայ ճգնաժամի գլխաւոր դրդապատճառը քաղաքական է եւ սկիզբ
առաւ այն պահէն, երբ Գարեգին Բ. կաթողիկոս միացաւ վարչապետի հրաժարականի պահանջին։ Աւելին, ընդդիմութեան նախաձեռնած իշխանափոխութեան քանի մը
ձախող փորձերէ յետոյ, Մայր Աթոռի որոշ բարձրաստիճան կղերականներ փաստօրէն
վերցուցին այդ գործընթացի առաջնորդութիւնը, այդպիսով եկեղեցին ներքաշելով
քաղաքական պայքարի յորձանուտ:
Անշուշտ, անոնք նման քայլի չէին կրնար դիմել
առանց Էջմիածնի գահակալին անմիջական համաձայնութեան եւ օրհնութեան:
Այդ ընթացքին, Մայր Աթոռի շարք մը հոգեւորականներու մասին սկսան ի յայտ գալ
տարատեսակ բացայայտումներ եւ խախտումներ, որոնք առ այսօր չեն արժանացած
Մայր Աթոռի յստակ և համոզիչ հաստատումին, հերքումին կամ պատշաճ տնօրինութեան:
Այս ամէնը մեզ կը մղեն մտածելու, որ Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածնի վարչական համակարգէն ներս կը տիրէ նախորդ իշխանութիւններու գործելաոճին համահունչ իրողութիւն մը, ուր բացակայ է թափանցիկ հաշուետւութիւնը և առկայ են օրէնքներու շրջանցումն ու անձնական
նախասիրութիւններու կիրառումը։
Հայ Առաքելական Եկեղեցին ազգային կառոյց է և որպէս մեր ազգի հոգեւոր պատկեր, ընդունելի չէ, որ անոր երկնակամարը ծածկուած ըլլայ կասկածի եւ առեղծուածի սեւ ամպերով: Մենք տասնամեակներ շարունակ պայքարած ենք Մայր Աթոռի գերակայութիւնը պաշտպանելու համար և մեծ ցաւ է մեզի համար տեսնել
Եկեղեցիին շուրջ տեղի ունեցող այս անհաճոյ զարգացումները։
Սբ. Էջմիածնի հոգեւոր-վարչական կառոյցը արմատական վերանայման կարիքն ունի
եւ այդ առումով մենք կ'ողջունենք տիրող իրավիճակէն դուրս գալու նպատակով
խումբ մը եպիսկոպոսներու կողմէ վերջերս հրապարակուած յայտարարութիւնը և կը
միանանք կաթողիկոսին ուղղուած անոնց յորդորին։
Հայ Առաքելական Եկեղեցին ինքնամաքրման և բարենորոգման հրամայականին
առջեւ է այսօր։

Ս.Դ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւն
Դեկտեմբեր 9, 2025

11/29/2025

Գոյժ

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմինը խոր ցաւով կը գուժէ Վարիչ Մարմնի նախկին Ատենապետ, Կեդրոնական Վարչութեան նախկին անդամ, «ՄԱՍԻՍ» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր, գրող եւ հրապարակախօս՝
Ընկեր Տօքթ. Արշակ Գազանճեանի մահը, որ պատահեցաւ Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2025-ին։
Անոր տարիներու անշահախնդիր ծառայութիւնը եւ նուիրումը իր ազգին, Հայրենիքին եւ Կուսակցութեան կը մնան անմոռանալի։
Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք անոր ընտանիքին, հարազատներուն եւ մեր բոլոր ընկերներուն։

ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմին

Want your business to be the top-listed Government Service in Los Angeles?

Click here to claim your Sponsored Listing.

Location

Address


Los Angeles, CA